Իրանի պաշտպանության նախարար, բրիգադի գեներալ Ազիզ Նասիրզադեն կիրակի օրը նախազգուշացրել է, որ ամերիկացիները չեն կարող սպառնալ Իրանին, քանի որ ամբողջ տարածաշրջանում նրանց բազաները գտնվում են Իրանի նշանառության տակ։ «Մենք թշնամի չենք մեր հարևան երկրներին, նրանք մեր եղբայրներն են, բայց նրանց տարածքում գտնվող ամերիկյան բազաները կդառնան մեր թիրախները», - շեշտել է Նասիրզադեն։               
 

Հենրիխին Հպարտութիւնը

Հենրիխին Հպարտութիւնը
20.12.2024 | 21:38

Արմէն Վանեանը ծնած է Երեւան: Ան շրջանաւարտ է Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսական եւ առեւտրական գիտութիւններու բաժանմունքէն` արժանանալով դոկտորական վկայականին: Արմէն 2016-ին եկած է Պիշքեք, Խըրխըզստան: Ան բաժնետէրերէն մէկն է միջազգային «Կրենթ թորընթըն» ընկերութեան: Այս ընկերութիւնը ունի աւելի քան 149 կեդրոններ` աշխարհի տարածքին: 2021-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումով Արմէն նշանակուած է Խըրխըզստանի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս:
Պիշքեք, Խըրխըզստան, նոյեմբեր 2024:
Խըրխըզստան Կեդրոնական Ասիոյ երկրորդ երկիրն է, որ առիթը ունեցայ այցելելու նոյեմբեր ամսուան ընթացքին` աշխատանքային ժողովներու բերումով: Խըրխըզիստան շատ գեղեցիկ լեռներով շրջապատուած է, ինչ որ յատուկ գեղեցկութիւն մը կու տայ երկրին: Խըրխըզստան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան: 1991-ին անիկա ստացաւ իր անկախութիւնը, երբ խորհրդային համակարգը փուլ եկաւ: Խըրխըզստան նշանաւոր է նաեւ իր ձիերով, զորս յաճախ կը տեսնես երկրի գեղեցիկ մարգագետիններուն վրայ տարածուած: Խըրխըզստանի համար ձիերը նաեւ ազգային խորհրդանշական իմաստ ունին, եւ բաւական մարզական խաղեր կը կիրարկուին անոնցմով:
Այս բոլորէն անդին` կար հետաքրքրութիւնս` տեսնելու հայը մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ: Չէի գիտեր, թէ որո՛ւ պէտք էր հարցնէի, որպէսզի գտնեմ հայ մը կամ հայեր այս քաղաքին մէջ: Արմէնին զանգեցի եւ ան պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպելու: Երբ պայմանաւորուեցանք հանդիպելու Արմէնին հետ, յաջորդ օրն իսկ ան զանգեց ու ըսաւ. «Պրն Հենրիխ Պալեանն ալ շատ կը փափաքի քեզի հետ հանդիպիլ իր գրասենեակին մէջ: Միասին հոն կը հանդիպինք»:
Հայ-հայերու հետ հանդիպումս սկսաւ իրական դառնալ:
Հենրիխ Պալեանը տնտեսագէտ-գործարար է եւ կը բանեցնէ իր անձնական շինարարական մեծ ընկերութիւնը` «Կարվըն կրուփ»: Ան Խըրխըզստանի տարբեր շրջաններուն մէջ կը նախաձեռնէ պանդոկներ եւ զբօսավայրեր կառուցելու աշխատանքներուն: Այս իմաստով ան ծանօթ անուն է երկրին մէջ, եւ յստակ էր, թէ մեծ վարկ ու համբաւ կը վայելէ:
Հենրիխ մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց Արմէնը եւ զիս: Կը զգայի, որ ուրախ էր, որ հայ մը եկած էր դուրսէն, եւ ինք առիթը կ՛ունենայ հանդիպելու եւ ծանօթանալու անոր: Հենրիխ կը խօսի հայերէն: Ան ուրախ տրամադրութեամբ լեցուն հայ մըն է` զուարթ բնաւորութեամբ եւ խօսակցութեան մէջ մերթ-մերթ աղուոր կատակներ ընող: Այս իմաստով երբեք դժուար չեղաւ իրեն հետ հաղորդակցութիւն ստեղծելը:
«Ես Արցախ ծնած եմ», ըսաւ Հենրիխ: «13 տարեկան էի, երբ հօրս հետ եկանք Խըրխըզստան: Հայրս համալսարանի դասախօս էր, եւ իր աշխատանքին բերմամբ հոս եկանք»:
Արցախը եւ անոր ջերմութիւնն ու յուզումը եղան միացնող օղակը մեր խօսակցութեան: Հենրիխ 71 տարեկան է, եւ անկախ այն իրողութենէն, որ փոքր տարիքէն հաստատուած է Պիշքեք, այդ երբեք պատճառ չէ եղած, որ ան մոռնայ մայրենին: Հայերէնով մեր խօսակցութիւնը հանդիպումին տուաւ հարազատ մթնոլորտ մը: «Արցախի մէջ ռուսական դպրոց գացի, այդ օրերուն շատ քիչ հայերէն կը սորվեցնէին մեզի», ըսաւ Հենրիխ:
«Հայերէնի տիրապետութիւնդ շատ լաւ է», եղաւ իմ քաջալերական խօսքս Հենրիխին:
Հենրիխին կրտսեր եղբայրը` Սամսոնը, նոյնպէս ներկայ էր այս հանդիպումին: Սամսոն հայերէն չի գիտեր: Ան ծնած եւ մեծցած է Թուրքմենստան: Սամսոնը 2000 թուականին եկած է Պիշքեք: Սամսոն ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի յանձնակատարի ներկայացուցչութիւնը Խըրխըզստանի մէջ: Ան ուզեց ըսել իր սրտի խօսքը, զոր Արմէնը թարգմանեց հայերէնի. «Հայերէն չեմ գիտեր, բայց կը պարծենամ, որ հայ եմ»:
Հենրիխն է նորէն. «Սփիւռքի մէջ հայ մնալը շատ դժուար բան է, մանաւանդ` մեր ապրած այս երկրին նման տեղ մը»: Խըրխըզստանի պաշտօնական կրօնը մահմետականութիւնն է:
Խըրխըզստանի մէջ կան այդտեղ բնակութիւն հաստատած տարբեր այլ ազգեր: Աւելի քան 75 տարբեր ազգեր միասին կու գան հաղորդակցութեան եւ համախոհութեան օրակարգերով: Սամսոնը կը ներկայացնէ հայ համայնքը այս համախմբումին մէջ:
Հենրիխ մէկ-մէկ սկսաւ քակել իր ընտանիքին պատմութիւնը: «Պոլսոյ նշանաւոր Պալեան գերդաստանին կը պատկանինք եւ անոնցմէ սերած ենք», ըսաւ ան: Սկսած էի տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Հենրիխ դուրս կը հանէր իր ինքնութիւնը եւ անոր տուն տուող հպարտութիւնը: «Հոս շատ հայութիւն չկայ, հազիւ` 150 հոգի: Շատ դժուար կ՛ըլլայ զիրենք համախմբել: Քանի մը անգամ փորձեցինք, բայց չյաջողեցանք», ըսաւ Հենրիխ:
Խըրխըզստանի մէջ կայ փոքրաթիւ հայկական ներկայութիւն մը, որ չէ կազմակերպուած: Որեւէ եկեղեցի կամ կեդրոն ալ չկայ, ուր կարելի ըլլայ փորձել եւ համախմբել հայերը: Հայկական ներկայութիւնը անհատական նախաձեռնութիւն է, եւ Հենրիխ, այսպէս ըսած, դարձած է հայութեան դիմագիծը Խըրխըզստանի մէջ: Հենրիխին գրասենեակը լեցուն էր նկարներով եւ վկայագիրներով: Այդ նկարներէն մին իրն էր` Հունգարիոյ նախագահին հետ նկարուած: «Հունգարիոյ պատուակալ հիւպատոսն եմ Խըրխըզստանի մէջ», ըսաւ Հենրիխ: Հենրիխ, ինչ խօսք, նուաճած է վաստակ եւ վարկ` իբրեւ յաջող գործարար, եւ ունի իր անունն ու դիրքը երկրին մէջ: Բայց ես ուզեցի վերադառնալ իր արցախեան ակունքներուն:
«Արցախցիները եւ արցախցի քաղաքական ղեկավարները բոլորն ալ իմ բարեկամներն են», ըսաւ Հենրիխ: «Երբ պաշտօնական այցելութիւններով Պիշքեք եկան, իմ մօտս մնացին», շարունակեց ան:
Հենրիխ 2016-ին այցելած է Արցախ: «Շատ զգացական էր ինծի համար վերադառնալ տուն` երկար տարիներ ետք-, ըսաւ ան:- «Շատ էին յիշատակները»:
«Իսկ այսօ՞ր-, հարցուցի Հենրիխին: – Ինչպէ՞ս կը զգաս»:
Հենրիխ նայեցաւ աչքերուս: Այդ աչքերուն մէջէն տեսայ յուզում, ցաւ եւ տակաւին այլ բաներ:
«Արցախը գնաց»-, ըսաւ Հենրիխ: «Բայց Արցախը սրտիս մէջն է», եղաւ անոր հաստատ պատասխանը:
Արցախը Հենրիխին եւ մեր բոլորին սրտերուն մէջն է:
Հենրիխ ծանօթացաւ իմ ասպարէզիս եւ գործիս:
«Քեզի բան մը ցոյց պիտի տամ», ըսաւ ան եւ գնաց ու իր գրադարանէն բերաւ հայերէն հաստափոր Աստուածաշունչ մը: Աստուածաշունչը հրատարակուած էր Պոլսոյ մէջ` 1895-ին: Հենրիխի դէմքին վրայ գծուեցաւ մեծ ժպիտ մը: Եւ այդ ժպիտին մէջ կար նոյնքան մեծ հպարտութիւն: «Այս Աստուածաշունչը նուէր ստացայ եւ մեծ արժէք ունի ինծի համար»:
Պէտք էր բաժնուէի Հենրիխէն: Այս այցելութիւնդ չեմ հաշուեր-, ըսաւ ան: -Երբ յաջորդ անգամ գաս, իմ հիւրս կ՛ըլլաս»: Հրաժեշտ առի, բայց այդ մէկ ժամը ապրեցայ արցախցի Հենրիխի հիւրասէր եւ հաղորդական հոգին, որուն մէջ որքա՛ն շաղախուած էր անոր հպարտութիւնը` հայուն եւ անոր արժէքին հպարտութիւնը:
Հայը ամբողջ աշխարհով մէջ տարածուած է: Սփիւռք(ներ) կերտած է քիչ մը ամէն տեղ: Կարգ մը սփիւռք(ներ) կազմակերպուած են, ուրիշներ` ոչ: Կազմակերպուած թէ ոչ, կը մնայ մէկ կարեւոր իրականութիւն. հայուն արժէքը եւ անոր նկատմամբ մեր հպարտութիւնը:
Այս արժէք-հպարտութիւնն է, որ պարտինք պահել: Այսօր հայկական իրականութիւնները բազմատեսակ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ են: Այս դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մէջէն եթէ կորսնցուցինք հող, տարածք, մարդուժ եւ այլն, պիտի մնայ մէկ իրականութիւն, որ պէտք չէ կորսնցնենք: Այդ ալ հայուն արժէքն է եւ այդ արժէքին տուած հպարտութիւնը: Այս արժէք-հպարտութիւնը պահելով է, որ պիտի ստեղծենք կամքը: Կամքը` ապրելու: Ապրելու այս կամքով է, որ պիտի կարենանք մեր կորսնցուցածին նորէն տիրանալ:
Հենրիխին հպարտութիւնը: Անպայմանօրէն` իւրաքանչիւր հայունը:
Այս հպարտութիւնը պիտի պահենք եւ ապրեցնենք:
Հպարտութիւնը պահելով եւ ապրեցնելով է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնենք կեանքի շարունակականութեան գործընթացին մէջ:
Դեկտեմբեր 2024

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դիտվել է՝ 5664

Մեկնաբանություններ